Հայաստանի ներկայացուցիչ Մելսիկ Բաղտասարեան, յաղթանակ արձանագրեց Լաս Վեկասի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցած խառն մենամարտերու «ԵՈՒ. ԷՖ. ՍԻ.-Վեկաս 77» մրցաշարքին:
Մելսիկ Բաղդասարեան, որ մենամարտեցաւ ամերիկացի Թաքըր Լութցի դէմ, իրաւարարներու որոշումով յաղթական հռչակուեցաւ 29-28, 29-28 եւ 29-28 արդիւնքով:
Նշենք, որ ան իր արհեստավարժ ասպարէզի ընթացքին ցարդ արձանագրած է 8 յաղթանակ եւ կրած 2 պարտութիւն: