Սպանական Աթլեթիքօ Մատրիտին մաս կազմող պրազիլցի յետսապահ Ռենան Լոտի միացաւ ֆրանսական Մարսէյին, այս մասին յայտնեց այս վերջինիս մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ոչ պաշտօնական տուեալներու համաձայն, 25 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցման համար Մարսէյ վճարեց 13 միլիոն եւրօ:
Լոտի, որ հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Մարսէյի հետ, նախորդ տարեշրջանին փոխ տրուած էր Նոթինկհամ Ֆորեսթին, որուն հետ կատարեց 28 մրցում:


