Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի նետերլանտցի գլխաւոր մարզիչ Էրիք Թեն Հակ յետսապահ Հերի Մըկուայըրը զրկեց խմբապետի պաշտօնէն:
«Ան ինծի յայտնեց, որ խմբապետի պաշտօնի փոփոխութիւն պիտի կատարէ: Ան իր տուած որոշումը բացատրեց ինծի, եւ թէեւ հիասթափուած եմ, սակայն պիտի տամ իմ առաւելագոյնս` խումբին հետ յաջողութիւններու հասնելու համար», ըսաւ 30 տարեկան Մըկուայըր:
Նշենք, որ ան առաջին անգամ ըլլալով խմբապետ նշանակուեցաւ նորվեկիացի մարզիչ Օլէ Կունար Սոլսքիարի կողմէ: