Անգլիացի իրաւարար Մայք Տին պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կու գայ վերջ մը դնելու իրաւարարի իր արհեստավարժ ասպարէզին:
Ան 2000-2022 ժամանակամիջոցին եղած է Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան («Փրեմիեր-Լիկ») իրաւարար, ապա եղած է «ՎԱՐ» համակարգի իրաւարար, սակայն այդ պաշտօնը երկար ժամանակ չէ կատարած. ան իր վերջին նշանակումը ստացաւ նախորդ փետրուարին:
Իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին, 55 տարեկան Տին եղած է «Փրեմիեր Լիկ»-ի 560 մրցումի իրաւարար: