Աշխարհի ճատրակի 16-րդ ախոյեան, նորվեկիացի կրանտմասթըր Մակնուս Քարլսըն «Այմչես Ռափիտ» առցանց ճատրակի մրցաշարքի տիտղոսին տիրանալէ ետք յայտնեց, որ իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ դասական ճատրակի աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին համար պայքարին:
Այս լուրը պաշտօնապէս հաղորդեց նաեւ ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին «ՖԻՏԷ»-ի պաշտօնական կայքը: