Եւրոպայի պասքեթպոլի 18 տարեկանէն վար աղջկանց Գ. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. խմբակի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ազգային հաւաքականը իր ելոյթները սկսաւ յաղթանակով, երբ իր կատարած առաջին մրցումին 75-45 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մոլտովան:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Հայաստանէն Անի Մկրտչեան (22 կէտ եւ 6 ռիպաունտ):
Հայրենի կազմին երկրորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Քոսովօ:


