Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրեշի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 20 եւ 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան, Հայաստան շարունակելով իր յաջող ելոյթներու շարքը, տիրացաւ յաւելեալ մետալներու:
23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան, Ռաֆիկ Յարութիւնեան երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 330 քկ արդիւնք մը (150+180) հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Իսկ Կարէն Մարգարեան արձանագրելով 323 քկ արդիւնք մը (145+178) հանդիսացաւ փոխախոյեան: