Նախորդ շաբաթավերջին Ռումանիոյ Եաս քաղաքին մէջ իր աւարտին հասաւ Եւրոպայի ճատրակի պատանեկան խմբային ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի տղոց հաւաքականը:
7-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումին, Հայաստան 3-1 արդիւնքով յաղթելով Ռումանիոյ Ա. խումբին եւ ապահովելով մրցաշարքի իր 10-րդ կէտը, դարձաւ պրոնզէ մետալակիր:
Բոլոր մրցումներուն արդիւնքները նկատի առնելով` Հայաստանի կազմին մէջ լաւագոյն արդիւնքը արձանագրեց Արսէն Դաւթեան, որ իր կատարած 6 մրցումներուն ապահովեց 5 կէտ:
Հայրենի կազմը 7 մրցումի ընթացքին արձանագրեց 4 յաղթանակ, 2 հաւասարութիւն եւ կրեց պարտութիւն մը` Լեհաստանէն, նախավերջին հանգրուանին:
Այդ միակ պարտութիւնը Հայաստանը զրկեց ախոյեան հանդիսանալու կարելիութենէն:
Նոյնինքն Լեհաստան, ապահովելով 12 կէտ, հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան, իսկ փոխախոյեան դարձաւ Իսրայէլ (11 կէտով):