Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրեշի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 20 եւ 23 տարեկանէն վար ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան, Սուրէն Գրիգորեան Հայաստանին ապահովեց երրորդ ոսկի մետալը:
20 տարեկանէն վար ախոյեանութեան 89 քկ դասակարգի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչը երկամարտի մրցումներուն արձանագրեց 341 քկ արդիւնք մը (150+191):
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց 20 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն, 81 քկ դասակարգին մէջ Էմմա Պօղոսեան հանդիսացաւ Եւրոպայի փոխախոյեան` երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 221քկ արդիւնք մը (90+121):
Ան 8 քիլոկրամով միայն ոսկի մետալը զիջեցաւ ախոյեան հանդիսացած վրացի Նաթալիա Կատելային:
Այսպիսով, Հայաստան ընդամէնը ցարդ տիրացած է 3 ոսկի, 3 արծաթ եւ 5 պրոնզ մետալի:


