Նախորդ շաբաթավերջին մեկնարկը տրուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2023-2024 տարեշրջանին, երբ կատարուեցան Ա. հանգրուանի մրցումները:
Հայաստանի փոխախոյեան Փիւնիկ-Երեւան, որ հիւրը եղաւ Ալաշկերտին, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած կազմին կոլերը նշանակեցին միջնապահներ Էտկար Մալաքեան (37-րդ` փենալթիով) եւ Յովհաննէս Յարութիւնեան (77-րդ):
Հիւրընկալ կազմին մէկ մարզիկը` Միմիթօ, 76-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Արարատ, որ հիւրընկալեց Արարատ-Արմենիան, կրեց 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ուրարտու, որ հիւրը եղաւ Բանակային կեդրոնական մարզական ակումբին, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Խարիթոն Այվազեան նշանակեց հիւրընկալ կազմին կոլը (78-րդ), իսկ Արազ Օզպիլիս նշանակեց Ուրարտուի կոլերը (37-րդ եւ 88-րդ` փենալթիով):
Արթուր Միրանեանի նշանակած կոլին շնորհիւ (15-րդ` փենալթիով) Նոա 1-0 արդիւնքով յաղթեց Վանին:
Իսկ Արեւմտեան Հայաստան, որ հիւրընկալեց Շիրակը, անկէ կրեց 4-2 արդիւնքով պարտութիւն մը:


