Տինամօ Մոսկուայի եւ Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Արսէն Զախարեան պիտի չտեղափոխուի հռոմեան Լացիօ Ռոմա, այս մասին յայտնեց իտալական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Իտալական մարզական մամուլին համաձայն, Լացիօ Ռոմա հրաժարեցաւ 20 տարեկան ֆութպոլիստը իր կազմին միացնել` նկատի ունենալով, որ անիկա կ՛ուզէ աւելի փորձառու խաղացողով մը փոխարինել խումբէն հեռացած սերպ միջնապահ Սերկէյ Միլինքովիչ-Սաւիչը:
Նախապէս կը նշուէր, որ հռոմեան ակումբը պատրաստ է մինչեւ 14 միլիոն եւրօ վճարելու Զախարեանի փոխանցման համար:
2022-2023 տարեշրջանին Զախարեան Տինամոյի հետ 37 մրցումի ընթացքին նշանակեց 5 կոլ եւ կատարեց 7 էսիսթ:


