Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի պատանեկան (17 տարեկանէն վար) ախոյեանութեան, Հայաստանի երկու ներկայացուցիչներ Էտկար Պետրոսեան (48 քկ) եւ Էրիկ Տէր Մաթեւոսեան (80 քկ) տիրացան պրոնզ մետալներու:
Պրոնզէ մետալին համար մղուած պայքարին Պետրոսեան յաղթեց գերմանացի իր մրցակիցին` Իվան Սիպելին, իսկ Տէր Մաթեւոսեան` յոյն Էլեֆթերիոս Փափասին:
Նախքան իր վերջին յաղթանակը արձանագրելը, Տէր Մաթեւոսեան պարտութեան մատնած էր ազրպէյճանցի Էլմին Ալիեւը:
51 քկ դասակարգին մէջ, Արթուր Բրոյեան, պարտութեան մատնելով Հնդկաստանի ներկայացուցիչ Մանու Եատաւը, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը:


