Սպանական Ռէալ Սոսիետատի միջնապահ Տաւիտ Սիլվա իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ կու գայ վերջ դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին:
37 տարեկան ֆութպոլիստը, ծանրօրէն վիրաւորուելէ ետք, որոշեց չշարունակել իր ասպարէզը:
Սիլվա, որ օգոստոս 2020-էն ի վեր մաս կը կազմէ պասքեան ակումբին, նախապէս մաս կազմած է նաեւ Մանչեսթըր Սիթիի, Վալենսիայի, Սելթա Վիկոյի եւ Էյպարի:
Իսկ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ ան 125 մրցումի ընթացքին նշանակած է 35 կոլ եւ կատարած 32 էսիսթ:


