Շիրակի մարզպետ Մուշեղ Մուրադեանի յանձնարարութեամբ, Համահայկական ամառնային 8-րդ խաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութեան, մարզական շքերթի, Շիրակի մարզ այցելող հիւրերը յաւուր պատշաճի դիմաւորելու եւ այլ նախապատրաստական աշխատանքները կազմակերպելու նպատակով, Շիրակի մարզպետի տեղակալ Աննա Մարտիկեանի գլխաւորութեամբ ձեւաւորուեցաւ աշխատանքային խմբակ մը:
Ապա, Գիւմրի համայնքի ճատրակի մարզադպրոցին մէջ կատարուեցան Համահայկական ամառնային 8-րդ խաղերու ծրագիրին մէջ ընդգրկուած խմբային մրցումներու մարզաձեւերուն նախնական հանգրուանի խմբային մրցումներուն վիճակահանութիւնները եւ որոշուեցան անոնց կայացման վայրերը:
Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով Համահայկական ամառնային խաղերուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Սէուտական Արաբիոյ մէջ բնակող հայերը:
Նաեւ, մասնակցողներուն շարքին պիտի ըլլան 10-15 տարեկան պատանիներ, որոնք ընդհանրապէս պիտի մասնակցին ճատրակի եւ լողարշաւի մրցումներուն:
Համահայկական ամառնային 8-րդ խաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 5 օգոստոսին, Գիւմրիի քաղաքային մարզադաշտին մէջ:
«Միասնութիւն մարզաշխարհով» կարգախօսը կրող այս խաղերուն մեկնարկը նախատեսուած է ժամը 21:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով: