Ուրուկուէյցի յառաջապահ Էտինսոն Քաւանի, միացաւ Պոքա Ժունիորզի, այս մասին յայտնեց արժանթինեան ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ան իր նոր ակումբին հետ դաշտ պիտի ներկայանայ թիւ 10 մարզաշապիկով:
Նախորդ ամիս ուրուկուէյցի ֆութպոլիստն ու անոր նախկին ակումբը Վալենսիա իրենց համագործակցութիւնը դադրեցուցին իրարու հետ:
Նախորդ տարեշրջանին Քաւանի իր կազմին հետ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 25 մրցումի ընթացքին նշանակեց 5 կոլ եւ կատարեց երկու էսիսթ:


