Հայաստանի ազատ ոճի ըմբիշները աւարտեցին իրենց ելոյթները Քինշասայի մէջ (Քոնկօ) տեղի ունեցող Ֆրանսախօս երկիրներու խաղերուն:
Գէորգ Մխէեան (70 քկ) աւարտական մրցումին 4-1 արդիւնքով յաղթելով Ֆրանսան ներկայացնող Մոհամետ Սանկարիեւին, դարձաւ ոսկիէ մետալակիր:
Իսկ Ռազմիկ Սիմոնեան (79 քկ) աւարտականին 7-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Քոնկոյի ներկայացուցիչէն տիրացաւ արծաթ մետալին:
Անոնցմէ առաջ ոսկիէ մետալակիր դարձած էր Վրէժ Գէորգեան (61քկ), արծաթէ մետալակիր` Հրաչեայ Մարգարեան (65 քկ), իսկ պրոնզէ մետալակիր` Առաքել Մովսիսեան (57 քկ):
Այսպիսով, հայ ըմբիշները Ֆրանսախօս երկիրներու խաղերուն տիրացան երկուքական ոսկի եւ արծաթ, ինչպէս նաեւ` պրոնզ մետալի մը:


