Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի պատանեկան ախոյեանութեան (17 տարեկանէն վար), Հայաստանի ներկայացուցիչ Էտկար Պետրոսեան ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը:
48 քկ դասակարգի մրցումներուն, հայրենի ըմբիշը 7-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր թուրք մրցակիցը` Ապտուլ Սամատ Ուճարը:
Քառորդ աւարտականի իր տոմսը ապահովեց նաեւ 55 քկ դասակարգի մրցումներուն մասնակցող Եուրի Կարապետեան:
Մեկնարկային մրցումներուն, ան 5-2 արդիւնքով յաղթեց իր ազրպէյճանցի մրցակիցին` Թուրալ Ահմատովին, մինչ 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ան իր յաղթանակը արձանագրեց նորվեկիացի Մարիօ Անտրէյ Մարիութի դէմ, 10-6 արդիւնքով:
Ախոյեանութիւնը վստահ յաղթանակով սկսաւ նաեւ Էրիկ Տէր Մաթէոսեան, որ 5-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց եգիպտացի Ապտալլա Ազիզը:


