Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Նայիր Տիկնիզեանի նշանակած կոլը յաղթանակ պարգեւեց անոր ակումբին` Լոքոմոթիւ Մոսկուայի, Ռուսիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն գծով:
24 տարեկան ֆութպոլիստը, որ Ուրալ Եքաթերինպուրկի դէմ դաշտ ներկայացաւ Բ. կիսախաղի մեկնարկէն առաջ, նշանակեց իր կազմին յաղթանակի կոլը` 49-րդ վայրկեանին (2-1):
Նշենք, որ հայրենի ֆութպոլիստը Ռուսիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումին Ռուպին Քազանի դէմ նշանակած էր իր կազմին հաւասարութեան կոլը (2-2):
Ինչ կը վերաբերի Բ. հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, ան Ֆաքելի դաշտին մէջ տեղի ունեցած մրցումին տուպլէ մը իրագործելով մրցանիշ մը հաստատեց:
24 տարեկան ֆութպոլիստը հանդիսացաւ 21-րդ դարու առաջին յետսապահը, որ Ռուսիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան յաջորդական չորս մրցումի ընթացքին կոլի հեղինակ կը դառնայ:
Նշենք, որ այս տարեշրջանի առաջին երկու հանգրուանի մրցումներուն կողքին, նկատի առնուած են նաեւ նախորդ տարեշրջանի վերջին երկու հանգրուանի մրցումները: