Զուիցերիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Եան Սոմեր ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Ինթեր Միլանի հետ, այս մասին յայտնեց իտալական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
34 տարեկան բերդապահը, որ Պայէրն Միւնիխէն տեղափոխուեցաւ միլանեան ակումբ, ստորագրեց երկու տարուան պայմանագրութիւն մը:
2022-ին Պորուսիա Մէօնշընկլատպախէն Պայէրնին միացած Սոմեր 2022-2023 տարեշրջանին 36 մրցումի ընթացքին իր կազմէն ներս ստացաւ 45 կոլ:
Նշենք, որ այս ամառ, Ինթերէն հեռացաւ քամերունցի բերդապահ Անտրէ Օնանա, որ միացաւ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտին: