Պոլսոյ մէջ իր աւարտին մօտեցող աշխարհի ազատ ոճի ըմբշամարտի պատանեկան ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Գոռ Բունիաթեան 45 քկ դասակարգի մրցումներուն հանդիսացաւ փոխախոյեան:
Հայրենի ըմբիշը, որ աւարտականին մրցեցաւ իրանցի Ֆարհաթ Խաթերի դէմ, անկէ կրեց 11-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Նշենք, որ նախքան իր այս ճակատումը կատարելը, Բունիաթեան արձանագրած էր երեք յաղթանակ:
51 քկ դասակարգի երրորդ դիրքի մրցումին, Սաշա Պետրոսեան յաղթանակ մը արձանագրելով տիրացաւ պրոնզ մետալին:
Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի պատանեկան հաւաքականը, որ այս ախոյեանութեան մասնակցեցաւ 10 ըմբիշով, տիրացաւ մէկ արծաթ եւ երեք պրոնզ մետալի, մինչ նոյն իրագործումը կատարեց նաեւ յունահռոմէական ոճի հաւաքականը, որ ախոյեանութեան մասնակցեցաւ 9 ըմբիշով:


