Մարզական

Ուսման Տեմպելէ Միացաւ  Փարիզ Սեն Ժերմենին

Ուսման Տեմպելէ Միացաւ Փարիզ Սեն Ժերմենին

Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ քաթալոնական Պարսելոնայի յառաջապահ Ուսման Տեմպելէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ: 26 տարեկան ֆութպոլիստը, որ մինչեւ 30 յունիս 2028 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց ֆրանսական մայրաքաղաքի կազմին հետ, պիտի կրէ թիւ 28 մարզաշապիկը: Նշենք, որ ան 2017-ին Պորուսիա Տորթմունտէն միացաւ Պարսելոնայի` փոխան 135 միլիոն եւրոյի, մինչ անոր ստորագրութիւնը ունենալու համար...

Մեսսի Յաջորդաբար 5-րդ  Մրցումն Ըլլալով Կոլի Հեղինակ

Մեսսի Յաջորդաբար 5-րդ Մրցումն Ըլլալով Կոլի Հեղինակ

Միացեալ Նահանգներու եւ Մեքսիքայի Լիկայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, ամերիկեան Ինթեր Մայեմի 4-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Շարլոթին, ապահովեց յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը: Մրցումին վերջին կոլը 86-րդ վայրկեանին նշանակեց աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան, Արժանթինի ազգային խումբի խմբապետ Լիոնել Մեսսի: Այսպիսով, 36 տարեկան յառաջապահը Ինթեր Մայեմիի հետ յաջորդաբար 5-րդ մրցումն ըլլալով կոլ նշանակեց` իր նշանակած կոլերուն ընդհանուր հաշիւը բարձրացնելով...

Արաբական «Չեմփիընզ Լիկ».  Ռոնալտոյի Կազմը` Նասըր  Հանդիսացաւ Տիտղոսակիր

Արաբական «Չեմփիընզ Լիկ». Ռոնալտոյի Կազմը` Նասըր Հանդիսացաւ Տիտղոսակիր

Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Նասըր հանդիսացաւ արաբական «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսակիր: Աւարտականի մրցումին Նասըր, Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի տուպլէին շնորհիւ, երկարաձգման ընթացքին 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց նախորդ տարեշրջանի պրոնզէ մետալակիր Հիլալը: 38 տարեկան Ռոնալտօ 74-րդ վայրկեանին հաւասարեցուց արդիւնքը, մինչ երկարաձգման 8-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին յաղթանակի կոլը: Նշենք, որ ան յաջորդաբար 5-րդ մրցումն ըլլալով դարձաւ կոլի հեղինակ:  

Կոնցալօ Ռամոս Միացաւ  Փարիզ Սեն Ժերմենին

Կոնցալօ Ռամոս Միացաւ Փարիզ Սեն Ժերմենին

Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ փորթուգալեան Պենֆիքայի յառաջապահ Կոնցալօ Ռամոս միացաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենին: Ֆրանսական ակումբը, որ տարեշրջանի մը համար փոխ առաւ 22 տարեկան ֆութպոլիստը, 2024-ի ամրան իրաւունք պիտի ունենայ փոխան 65 միլիոն եւրոյի գնելու անոր ստորագրութիւնը: Ան նախորդ տարեշրջանին իր կազմին հետ 47 մրցումի ընթացքին նշանակեց 27 կոլ եւ կատարեց 5 էսիսթ: Ներկայիս անոր փոխանցման արժէքը...

Հերի Քէյն Միացաւ Պայէրն Միւնիխի

Հերի Քէյն Միացաւ Պայէրն Միւնիխի

Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին խմբապետ Հերի Քէյն իր ակումբը` Թոթենհամը լքելով միացաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխին: 30 տարեկան ֆութպոլիստը իր նոր ակումբին հետ ստորագրեց չորս տարուան պայմանագրութիւն մը եւ ընտրեց թիւ 9 մարզաշապիկը: Ոչ պաշտօնական տուեալներով, միւնիխեան ակումբը Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի լաւագոյն ռմբաձիգին փոխանցման համար վճարեց 120 միլիոն եւրօ: Լոնտոնեան ակումբին հետ ան 435 մրցումի ընթացքին նշանակեց 280...

Փինկ Փոնկ.  Ահլի Սայտա Հանդիսացաւ Լիբանանի 2023 Տարուան  Տղոց Ա. Դասակարգի Ախոյեան.  ՀՄԸՄ Ճիւնի Փոխադրուեցաւ Բ. Դասակարգ

Փինկ Փոնկ. Ահլի Սայտա Հանդիսացաւ Լիբանանի 2023 Տարուան Տղոց Ա. Դասակարգի Ախոյեան. ՀՄԸՄ Ճիւնի Փոխադրուեցաւ Բ. Դասակարգ

Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2023 տարուան ախոյեան հանդիսացաւ Ահլի Սայտա, որ աւարտական հանգրուանի բաւական հետաքրքրական ճակատումին ընթացքին 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ղազիր Ռիատին: Նախորդ տարի ախոյեան հանդիսացած Ղազիր Ռիատիի ետին երրորդ դիրքը գրաւեց լիբանանեան բանակի հաւաքականը, որ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Անդրանիկ Պէյրութը: 11-րդ դիրքի մրցումին ՀՄԸՄ Ճիւնի, որ 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Շարթիէ Տար Նուրէն,...

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ».  Փիւնիկ Երեւան 3-0 Արդիւնքով  Պարտութիւն Մը Կրեց Նորվեկիոյ Մէջ

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ». Փիւնիկ Երեւան 3-0 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը Կրեց Նորվեկիոյ Մէջ

Հայաստանի ֆութպոլի փոխախոյեան Փիւնիկ Երեւան, որ «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի Գ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ հիւրը եղաւ նորվեկիական Պոտօ Կլիմթի, կրեց 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը: Նորվեկիոյ ֆութպոլի ախոյեանը իր առաջին կոլը նշանակեց 6-րդ վայրկեանին, ապա` 31-րդ եւ 56-րդ վայրկեաններուն: Երկու կազմերուն միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ  17 օգոստոսին, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին մէջ:  

Ռէալ Մատրիտի Բերդապահը  Ծանրօրէն Վիրաւորուեցաւ

Ռէալ Մատրիտի Բերդապահը Ծանրօրէն Վիրաւորուեցաւ

Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող պելճիքացի բերդապահ Թիպօ Քուրթուա խումբին հետ իր կատարած փորձերուն ընթացքին ծանրօրէն վիրաւորեց իր ծունկը, այս մասին յայտնեց արքայական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 31 տարեկան բերդապահը, որ պատգարակով դուրս բերուեցաւ դաշտէն, շուտով պիտի ենթարկուի վիրաբուժութեան: Ոչ պաշտօնական տուեալներով, բերդապահը ֆութպոլի դաշտերը պիտի վերադառնայ` ապրիլ 2024-ին: Այժմ մայրաքաղաքի կազմը նոր բերդապահի մը փնտռտուքի աշխատանքին սկսած է` նկատի ունենալով, որ...

Ռիս Ճէյմս Նշանակուեցաւ Չելսիի Խմբապետ

Ռիս Ճէյմս Նշանակուեցաւ Չելսիի Խմբապետ

Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յետսապահ Ռիս Ճէյմս նշանակուեցաւ Չելսիի խմբապետ, այս մասին յայտնեց լոնտոնեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 23 տարեկան ֆութպոլիստը այսպիսով փոխարինեց սպանացի յետսապահ Սեզար Ասփիլիկուեթային, որ 11 տարի Չելսիի մաս կազմելէ ետք, այս ամառ տեղափոխուեցաւ Աթլեթիքօ Մատրիտ: Ճէյմս Չելսիի գլխաւոր խումբին հետ իր նորամուտը նշեց 2018-ին: 2020-ին ան միացաւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին, որուն հետ կատարեց միջազգային 15 մրցում:...

Իտալիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանը  Օժտուեցաւ Նոր Միջնապահով Մը

Իտալիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանը Օժտուեցաւ Նոր Միջնապահով Մը

Շուէտի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Ենս Քայուսթէ, փոխան 12 միլիոն եւրոյի, ֆրանսական Ռեմս ակումբէն տեղափոխուեցաւ Նափոլի, այս մասին յայտնեց Իտալիոյ ախոյեանին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 24 տարեկան ֆութպոլիստը, որ իր արհեստավարժ ասպարէզին սկսաւ 2018-ին դանիական Միթիուլանտի հետ, 2020-ին միացաւ ֆրանսական Ռեմս ակումբին, որուն հետ 42 մրցումի ընթացքին նշանակեց 6 կոլ: Ան Շուէտի ֆութպոլի ազգային խումբի շապիկը կրած է 15 մրցումի ընթացքին:  

Պայէրն Միւնիխ-Թոթենհամ Համաձայնութիւն`  Հերի Քէյնի Փոխանցման Շուրջ

Պայէրն Միւնիխ-Թոթենհամ Համաձայնութիւն` Հերի Քէյնի Փոխանցման Շուրջ

Լոնտոնեան Թոթենհամի մաս կազմող անգլիացի յառաջապահ Հերի Քէյնի փոխանցումը` Պայէրն Միւնիխ, կը թուի ըլլալ մօտալուտ: Նշուեցաւ, որ երկու ակումբները անոր փոխանցման շուրջ համաձայնութեան եկած են եւ համաձայնած 100 միլիոն եւրոյէն աւելի գումարի մը շուրջ: Սակայն կը նշուի, որ 30 տարեկան ֆութպոլիստը ցարդ վերջնական որոշում մը չէ տուած իր ապագային վերաբերեալ: 2011-էն ի վեր Թոթենհամին մաս կազմած Քէյն, որ մինչեւ 30...

Նաքամուրա Միացաւ  Ֆրանսական Ռեմսի

Նաքամուրա Միացաւ Ֆրանսական Ռեմսի

Ճափոնի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ աւստրիական Լինց ԱՍՔ-ի յառաջապահ Քէյթօ Նաքամուրա միացաւ ֆրանսական Ռեմսի` անոր հետ ստորագրելով հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը: 23 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցման համար ֆրանսական ակումբը վճարեց 12 միլիոն եւրօ, այս մասին յայտնեց ֆրանսական անուանի մարզաթերթերէն «Լ՛Էքիփ»-ը: Նաքամուրա, որ աւստրիական խումբին մաս կը կազմէ 2021-էն ի վեր, Ճափոնի ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը կրած է երկու անգամ եւ նշանակած...

Վերաթթի Շատ Հաւանաբար  Միանայ Չելսիի

Վերաթթի Շատ Հաւանաբար Միանայ Չելսիի

Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող իտալացի միջնապահ Մարքօ Վերաթթի շատ հաւանական է, որ միանայ լոնտոնեան Չելսիին, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը: Լոնտոնեան ակումբը բաւական մօտէն հետաքրքրուած է 30 տարեկան ֆութպոլիստով` զօրացնելու համար իր կեդրոնական գիծը: Նախապէս կը նշուէր, որ Վերաթթիով հետաքրքրուած են նաեւ Պարսելոնա եւ Պայէրն Միւնիխ: Մարքօ Վերաթթի, որ 2012-ին միացաւ Փարիզ Սեն Ժերմենին, մինչեւ 2026 պայմանագրութիւն մը...

Ֆրանք Քեսի Հեռացաւ  Պարսելոնայէն

Ֆրանք Քեսի Հեռացաւ Պարսելոնայէն

Փղոսկրեայ ափունքցի 26 տարեկան միջնապահ Ֆրանք Քեսի հեռացաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պարսելոնայէն, այս մասին յայտնեց քաթալոնական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Անիկա յայտնեց, որ Ահլի (Սէուտական Արաբիա) իր կազմին միացուց Քեսին` անոր փոխանցման համար վճարելով 12,5 միլիոն եւրօ: Նշենք, որ ան նախորդ ամառ իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ Ա. Սէ. Միլանէն միացաւ Պարսելոնայի, սակայն իբրեւ հիմնական մարզիկ նկատի չառնուեցաւ իր կազմին կողմէ: Ան նախորդ...

Պայէրն Միւնիխի Բերդապահը  Տեղափոխուեցաւ Ինթեր Միլան

Էմիլ Օտերօ Փոխ Տրուեցաւ Ինթեր Միլանի

Իտալական Ինթեր Միլան ֆութպոլի ակումբը յայտարարեց, որ տարեշրջանի մը համար փոխ առաւ Սամտորիայի բերդապահ Էմիլ Օտերոն: 26 տարեկան Օտերօ, որ Եուվենթուսի սան է, Սամտորիային միացած էր 2018-ին: Ան իր կազմին հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ ընդամէնը 169 մրցումի: Նշենք, որ փորձառու բերդապահը մաս կազմած է նաեւ Իտալիոյ պատանեկան եւ երիտասարդական ազգային խումբերուն:

Համահայկական Խաղեր.  Ալեքսանտր Կարապետեան` Կոլի Հեղինակ

Համահայկական Խաղեր. Ալեքսանտր Կարապետեան` Կոլի Հեղինակ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յառաջապահ Ալեքսանտր Կարապետեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ Համահայկական 8-րդ ամառնային խաղերուն: 35 տարեկան ֆութպոլիստը Սոչիի խումբին հետ կոլի հեղինակ դարձաւ Երեւանի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, որ աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ: Նշենք, որ հայրենի ֆութպոլիստը նախորդ դեկտեմբերին Փիւնիկ Երեւանէն հեռանալէ ետք որեւէ ակումբի մաս չի կազմեր: Ան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ 25 մրցումի ընթացքին նշանակած...

Հայրենի Ըմբիշները Մետալներու  Տիրացան Մինսքի Մէջ

Հայրենի Ըմբիշները Մետալներու Տիրացան Մինսքի Մէջ

Մինսքի մէջ տեղի ունեցող ԱՊՀ-ի խաղերուն, Հայաստանի մարզիկները ըմբշամարտի մրցումներուն մետալներու տիրացան: 61 քկ դասակարգի մրցումներուն, Նորիկ Յարութիւնեան յաղթելով իր վիեթնամցի մրցակիցին, տիրացաւ պրոնզ մետալի: 57 քկ դասակարգի մրցումներուն, Նարեկ Յակոբեան պարտութիւն մը կրեց պրոնզէ մետալին համար իր մղած պայքարին: Ազատ Կարապետեան (86 քկ) 7-5 արդիւնքով յաղթելով իր խըրխըզ մրցակիցին, տիրացաւ պրոնզ մետալին: Պրոնզէ մետալի տիրացաւ նաեւ Սերկէյ Սարգսեան (97...

Ռուսական Ֆութպոլ.  Արսէն Զախարեան Կերտեց Տինամօ  Մոսկուայի Յաղթանակը

Ռուսական Ֆութպոլ. Արսէն Զախարեան Կերտեց Տինամօ Մոսկուայի Յաղթանակը

Ռուսիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Տինամօ Մոսկուա, որ հիւրընկալեց Քրասնոտարը, արձանագրեց 4-3 արդիւնքով յաղթանակ մը: Մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+6-րդ), Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արսէն Զախարեան նշանակեց Տինամօ Մոսկուայի յաղթանակի կոլը: Նշենք, որ Քրասնոտարի կազմէն իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին յետսապահ Գէորգի Յարութիւնեան, որ փոխարինուեցաւ 84-րդ վայրկեանին: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի մէկ...

«ԱՊՀ»-ի Խաղեր. Վոլիպոլ.  Հայաստան Յաղթեց Արաբական  Միացեալ Էմիրութիւններուն

«ԱՊՀ»-ի Խաղեր. Վոլիպոլ. Հայաստան Յաղթեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ԱՊՀ-ի երկրորդ խաղերուն ծիրին մէջ, Հայաստանի վոլիպոլի տղոց հաւաքականը, որ մրցեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն դէմ, արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Հայաստանի յաջորդ մրցակիցն է Պիելոռուսիոյ ազգային հաւաքականը: Նշենք, որ Պիելոռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող այս խաղերուն Հայաստան կը մասնակցի աւելի քան 140 պատանի եւ երիտասարդ մարզիկներով:

Ճատրակ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք.  Մակնուս Քարլսընի Անակնկալ Պարտութիւնը

Ճատրակ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Մակնուս Քարլսընի Անակնկալ Պարտութիւնը

Ճատրակի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող նորվեկիացի կրանտմասթըր Մակնուս Քարլսըն, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Պաքուի մէջ (Ազրպէյճան) տեղի ունեցող ՖԻՏԷ-ի աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքին, 1-32-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ կրեց անակնկալ պարտութիւն մը: Քարլսըն, որ սեւ քարերով մրցեցաւ 18 տարեկան գերմանացի Վենսան Քէյմերի դէմ, անկէ կրեց պարտութիւն մը: Նշենք, որ աշխարհի բաժակի մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը չեն բերեր Հայաստանի...

Page 268 of 1280 1 … 267 268 269 … 1,280

Արխիւներ