Անգլիական Վուլվզ ֆութպոլի ակումբին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ խումբին ղեկավարութիւնը իր պայմանագրութիւնը խզեց կազմին գլխաւոր մարզիչ սպանացի Խուլեն Լոփեթեկի հետ, նշելով, որ երկու կողմերուն միջեւ տարակարծութիւններ արձանագրուած են կարգ մը հարցերու շուրջ:
Ան խումբին մարզիչ նշանակուած էր նախորդ նոյեմբերին եւ իր կազմին հետ, Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանին գրաւած էր դասաւորման 13-րդ դիրքը:
Անոր հետ հեռացուեցան նաեւ անոր մարզչական խմբակին անդամները:
Նշենք, որ «Փրեմիեր Լիկ»-ի 2023-2024 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Վուլվզ 14 օգոստոսին հիւրը պիտի ըլլայ Մանչեսթըր Եունայթըտին:


