Արհեստավարժ կռփամարտի գերմիջին քաշային կարգի «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ՊԻ. Օ.»-ի աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ, ՄԱԿ-ին եւ քաղաքակիրթ աշխարհին կոչ ուղղեց միջամտելու` վերջ տալու համար Արցախի շուրջ ստեղծուած ծանր իրավիճակին:
«12 դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած է ծանր ճգնաժամ` Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքին փակման պատճառով:
«Բերձորի միջանցքը Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին եւ ամբողջ աշխարհին կապող կեանքի միակ ճանապարհն է:
«120 հազար անմեղ քաղաքացիական բնակչութիւնը գոյատեւման համար կը պայքարի, սննդամթերքի, դեղորայքի եւ այլ կենսական անհրաժեշտութեան պարագաներու բացակայութեան պայմաններուն մէջ:
«Մարդիկը սովի մատնելու դառն իրականութիւնը մարդասիրական աղէտ է, որ կը պահանջէ անյապաղ գործողութիւններ:
«Կոչ կ՛ուղղեմ ՄԱԿ-ին եւ քաղաքակիրթ աշխարհին անմիջապէս միջամտելու` բանալու համար Բերձորի ճանապարհը», ըսաւ Արթուր Աբրահամ:


