Հայաստանի ֆութպոլի փոխախոյեան Փիւնիկ Երեւան «Զուարթնոց» օդակայանէն մեկնեցաւ Նորվեկիա` իր մասնակցութիւնը բերելու համար «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին:
Հասնելէ ետք Նորվեկիա, այժմ հայրենի կազմը կը պատրաստուի այսօր դաշտին տիրոջ` Պոտօ Կլիմթի դէմ տեղի ունենալիք զտումի Գ. հանգրուանի երթի մրցումին, որ պիտի սկսի ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Երկու կազմերուն միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 17 օգոստոսին, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին մէջ:
Յաջորդ հանգրուան հասնելու պարագային, Հայաստանի 15-ակի ախոյեանը իր դէմ պիտի ունենայ Սեփսի (Ռումանիա)-Աքթոպէ (Ղազախստան) մրցումին յաղթականը:


