Նախորդ շաբաթավերջին Լոնտոնի «Ուեմպլի» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ Անգլիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի «Քոմիւնիթի Շիլտ»-ի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան, Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան եւ բաժակակիր Մանչեսթըր Սիթի եւ փոխախոյեան Արսենալ:
Մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով, որմէ ետք ուղղակիօրէն դիմուեցաւ փենալթիներուն:
Մարզիչ Միկել Արթեթայի գլխաւորած կազմը` Արսենալ հանդիսացաւ տիտղոսակիր, փենալթիներով արձանագրելէ ետք 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Այսպիսով, պարտութեան մատնելով Եոսիփ Կուարտիոլայի կազմը` Սիթին, Արսենալ 17-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ այս մրցաշարքի տիտղոսակիր:
Նշենք, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր-Լիկ»-ին մեկնարկը կը տրուի 11 օգոստոսին:
Սիթի Ա. հանգրուանի մրցումներուն կ՛այցելէ Պըրնլիի դաշտը, մինչ Արսենալ կը հիւրընկալէ Նոթինկհամ Ֆորեսթը: