Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 2027-ի աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ, Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականի մրցակիցները պիտի ըլլան Աւստրիա եւ Ալպանիա:
ՖԻՊԱ-ն յայտնեց, որ զտումի Ա. հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան 19-27 փետրուար 2024 եւ 18-26 նոյեմբեր 2024 ժամանակամիջոցին, իսկ Բ. հանգրուանի մրցումները` 17-25 փետրուար 2025-ին:
Բ. հանգրուան կ՛անցնին իւրաքանչիւր խմբակի առաջին դիրքերը գրաւող խումբերը, ինչպէս նաեւ` լաւագոյն երկրորդ դիրքը գրաւած խումբը: