Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը նախորդ շաբաթավերջին յայտնեց, որ ԱՊՀ-ի երկրորդ խաղերուն մասնակցող Հայաստանի ներկայացուցիչ Սահակ Յովհաննիսեան ըմբշամարտի 67 քկ դասակարգի մրցումներուն տիրացաւ ոսկի մետալին:
Ան աւարտականին 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռուսիոյ երիտասարդական ախոյեանութեան ախոյեան եւ մեծերու փոխախոյեան Մուսլիմ Իմատիեւը:
Այսպիսով, Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբիշները իրենց ելոյթները աւարտեցին` տիրանալով երկու մետալի:
Յովհաննիսեանէն առաջ, Հայաստանի հաւաքականէն պրոնզ մետալի տիրացած էր Սամուէլ Գրիգորեան, 82 քկ դասակարգին մէջ:
Նշենք, որ նախորդ 5 օգոստոսին, Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի մէջ տեղի ունեցաւ ԱՊՀ-ի 2-րդ խաղերուն բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, մասնակցութեամբ 23 երկիրներու ներկայացուցիչներուն:
Հայաստան այս խաղերուն կը մասնակցի 140-է աւելի պատանի եւ երիտասարդ մարզիկներով: