Արաբական «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Սէուտական Արաբիան ներկայացնող Նասըր, որ մրցեցաւ Իրաքի բանակային հաւաքականին դէմ, արձանագրեց նուազագոյն արդիւնքով յաղթանակ մը:
Մրցումին միակ կոլը փենալթիով նշանակեց փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, 75-րդ վայրկեանին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Նասըր ապահովեց աւարտականի իր տոմսը:
Նշենք, որ 38 տարեկան Ռոնալտօ այսպիսով յաջորդաբար չորրորդ մրցումն ըլլալով կը դառնայ կոլի հեղինակ: