Շուրջ չորս տարի թենիսի աշխարհէն հեռու մնալէ ետք, դանիացի Քարոլին Վոզնիաքի, որ նախապէս կը գրաւէր աղջկանց թենիսի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքը, ունեցաւ յաղթական վերադարձ մը, երբ Մոնրէալի մէջ (Քանատա) տեղի ունեցող «ԷՅ. ԹԻ. ՓԻ. -1000» թենիսի միջազգային մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն, 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթեց աւստրալիացի Քիմպերլի Պիրելին:
3 տարի եւ 8 ամիս թենիսի դաշտերէն բացակայած 33 տարեկան Վոզնիաքի իր այս յաղթանակը արձանագրեց 115-րդ դասուած մարզիկին դէմ:
Ան յունուար 2020-ին հեռացած էր թենիսի դաշտերէն, որմէ ետք ծնունդ տուած էր երկու երեխաներու:


