Ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնը Ռուսիոյ ծանրաբարձներուն արգիլեց մասնակցիլ այս տարուան աշխարհի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան, այս մասին յայտնեց կազմակերպութեան պաշտօնական կայքը:
Վերոնշեալ կազմակերպութիւնը աւելցուց, որ կազմուած է չէզոք մարզիկներու պատուիրակութիւն մը, որուն մէջ ընդգրկուած են 12 պիելոռուս մարզիկներ:
Աշխարհի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 4-17 սեպտեմբերին, Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ:
12 մայիսին Ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնը Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ մարզիկներուն արտօնած էր, չէզոք կարգավիճակի մէջ մասնակցիլ միջազգային մրցումներու:


