Ալպանիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի պասքեթպոլի աղջկանց 18 տարեկանէն վար Գ. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի ազգային հաւաքականը, որ մաս կազմեց Բ. խմբակին, երրորդ դիրքի մրցումին 81-66 արդիւնքով յաղթելէ ետք Անտորրային, հանդիսացաւ պրոնզէ մետալակիր:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Հայաստանէն Լիա Կրումեան (26 կէտ):
Նշենք, որ մարզիչ Վահագն Յարութիւնեանի գլխաւորած կազմը խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող մրցումներուն յաղթեց Քոսովոյին (73-48) եւ Մոլտովային (75-45), պարտուեցաւ Ալպանիայէն (62-53), իսկ կիսաւարտականին պարտուեցաւ Մալթայէն (68-60):