Ուրարտու-Արարատ Արմենիա մրցումով, աւարտեցան Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի 32-րդ ախոյեանութեան երկրորդ հանգրուանի մրցումները:
Հայաստանի Ֆութպոլի գործող ախոյեան եւ բաժակակիր Ուրարտու արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը (2-1)` իր յաղթական կոլը նշանակելով մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+3-րդ), շնորհիւ ռուս Թեմուր Ջիկիանի:
Նշենք, որ Ա. հանգրուանի բացման մրցումներուն, Ուրարտու նոյն արդիւնքով յաղթած էր Բանակային կեդրոնական մարզական ակումբին, մինչ Արարատ Արմենիա` Արարատին (3-1):
Այս հանգրուանի ծիրին մէջ, Բանակային կեդրոնական մարզական ակումբը յաղթեց Նոային (1-0), Վան` Շիրակ Գիւմրիին (1-0), Արարատ Արմենիա` Արեւմտեան Հայաստանին (4-1), մինչ Փիւնիկ-Արարատ մրցումը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով:
Ցարդ տեղի ունեցած մրցումներէն ետք, Ուրարտու միակն ըլլալով ապահոված է առաւելագոյն 6 կէտը: