Այնտհովընի մէջ (Նետերլանտներ) տեղի ունեցող համաշխարհային ճատրակի օլիմփիատի 16 տարեկանէն վար ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականը, որ մրցեցաւ Չինաստանի դէմ, անոր հետ արձանագրեց 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Ռոպերթ Փիլիպոսեան եւ Էրիկ Գասպարեան հաւասարութիւն արձանագրեցին, Բենիկ Ագասարով` յաղթանակ մը, մինչ Նուարդ Հայրապետեան պարտութիւն մը կրեց:
Չինաստան այժմ 13 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը, մինչ Հայաստան, Թուրքիա եւ Ղազախստան 11-ական կէտով կը բաժնեն 2-4-րդ դիրքերը:
8-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն Հայաստանի հաւաքականին մրցակիցն է Ազրպէյճան, որ ունի 10 կէտ:


