Հայրենի կրանտմասթըր Սամուէլ Տէր Սահակեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Վլեսինկենի մէջ (Նետերլանտներ) տեղի ունեցած «ԷՅՉ. ԶԵՏ. Իւնիվերսիթի Աֆ Ըփլայտ Սայընս Չես» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, հանդիսացաւ տիտղոսակիր, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Հայաստանի հաւաքականին մաս կազմող Տէր Սահակեան առաւելագոյն 9 կէտէն 7,5 կէտ ապահովելով գրաւեց առաջին դիրքը:
Անոր ետին նոյնքան կէտ ապահովելով երկրորդ դիրքը գրաւեց նետերլանտցի Նիք Մաաթման:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 233 ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին` տասնեակ մը կրանտմասթըրներ:


