Աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքի ծիրին մէջ կատարուած մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, յստակացան կիսաւարտական հանգրուան հասած մասնակիցները:
Վերջին տոմսը ապահովողը հանդիսացաւ 2690 վարկանշային կէտ ունեցող հնդիկ Ռամեշպապու Փրակնանանտհա, որ թայ պրէյքի մրցումին, 5-4 արդիւնքով յաղթեց հնդիկ Արճուն Էրիկայիսիին:
Կիսաւարտականին ան իր դէմ պիտի ունենայ ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանան (2782), որ իր յաղթանակը արձանագրեց ամերիկացի Լինիեր Տոմինկեզ Փերեսի դէմ (1,5-0,5):
Կիսաւարտականի միւս մրցումին, միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն (2835), պիտի մրցի ազրպէյճանցի Նիժաթ Ապպասովի դէմ (2632):
Այսօր` շաբաթ, 19 օգոստոսին տեղի պիտի ունենան կիսաւարտականի առաջին մրցումները:


