Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Նայիր Տիկնիզեան ճանչցուեցաւ Լոքոմոթիւ Մոսկուայի յուլիս ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստը, այս մասին յայտնեց ռուսական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Քուէարկութեան արդիւնքներուն լոյսին տակ, ան ստացաւ ձայներուն 60 տոկոսը:
Այսպիսով, 24 տարեկան ֆութպոլիստը յաջորդաբար երրորդ ամիսն ըլլալով կը ճանչցուի իբրեւ ակումբին լաւագոյն ֆութպոլիստը:
Նշենք, որ Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով իր կատարած վեց մրցումներուն ընթացքին ան նշանակած է չորս կոլ:


