Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան եւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսակիր Մանչեսթըր Սիթի ֆութպոլի իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տիրացաւ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի գերբաժակի մրցաշարքի տիտղոսին:
Յունաստանի «Քարայիսքաքիս» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած Մանչեսթըր Սիթի-Սեւիլլա մրցումին անգլիական կազմը փենալթիներով 5-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց «Եուրոփա Լիկ»-ի մրցաշարքի տիտղոսակիր Սպանիոյ ներկայացուցիչը:
Մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ, որմէ ետք ուղղակի դիմուեցաւ փենալթիներու հարուածներուն` առանց երկարաձգման:
Այսպիսով, Եոսիփ Կուարտիոլա հանդիսացաւ պատմութեան առաջին մարզիչը, որ երեք տարբեր ակումբներու հետ կը տիրանայ այս մրցաշարքի տիտղոսին:
Նախապէս 52 տարեկան Կուարտիոլա այդ մէկը իրագործած էր Պարսելոնայի (2009 եւ 2011) եւ Պայէրն Միւնիխի (2013) հետ:


