Այնտհովընի մէջ (Նետերլանտներ) տեղի ունեցող համաշխարհային ճատրակի օլիմփիատի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի 16 տարեկանէն վար պատանեկան հաւաքականը 3-1 արդիւնքով յաղթեց Սլովաքիոյ:
5-րդ հանգրուանին, Հայաստան 3-1 արդիւնքով յաղթեց Նետերլանտներու առաջին խումբին, իսկ 6-րդ հանգրուանին հայրենի կազմը 2,5-0,5 արդիւնքով յաղթեց Հունգարիոյ:
Նախորդ երեք հանգրուանի հանդիպումներուն, Հայաստան յաղթած էր Ճափոնի (4-0) եւ Անգլիոյ (3,5-0,5) եւ պարտուած` Թուրքիայէն:
Հայաստանի հաւաքականի կազմին մէջ ընդգրկուած են Ռոպերթ Փիլիպոսեան, Էրիկ Գասպարեան, Բենիկ Ագասարով եւ Նուարդ Հայրապետեան:
6-րդ հանգրուանէն ետք, Հայաստան այժմ 10 կէտով կը գրաւէ դասաւորման երկրորդ դիրքը` 2 կէտով ետ մնալով Չինաստանէն:
Նշենք, որ ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ զուիցերիական դրութեամբ` 9 հանգրուանով:


