Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հրապարակեց Հայաստանի տղոց պասքեթպոլի ազգային հաւաքականին կատարելիք զտումի մրցումներուն յայտագիրը` 2027-ի աշխարհի ախոյեանութեան գծով:
Հայրենի կազմը, որ մաս կը կազմէ Գ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Աւստրիան եւ Ալպանիան:
Հայաստան յաջորդաբար պիտի մրցի Աւստրիոյ (22 փետրուար 2024), Ալպանիոյ (25 փետրուար 2024), Աւստրիոյ (24 նոյեմբեր 2024) եւ Ալպանիոյ (20 փետրուար 2025) դէմ:
25 փետրուարին եւ 24 նոյեմբերին տեղի ունենալիք մրցումներուն Հայաստան հիւրընկալ երկիրն է:
Զտումի մրցումներուն պիտի մասնակցին տասը խումբեր. Հայաստան, Աւստրիա, Ալպանիա, Ռումանիա, Զուիցերիա, Լիւքսամպուրկ, Քոսովօ, Նորվեկիա, Իրլանտա եւ Ազրպէյճան:
Յաջորդ հանգրուանի իրենց տոմսը կ՛ապահովեն, իրենց խմբակին առաջին դիրքը գրաւած խումբերը, ինչպէս նաեւ լաւագոյն երկրորդ հանդիսացած կազմը:


