Երէկ Նետերլանտներու Այնտհովըն քաղաքին մէջ աւարտեցաւ ճատրակի համաշխարհային օլիմփիատը:
Հայաստանի 16 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականին վերջին մրցակիցը 9-րդ հանգրուանին հանդիսացաւ Ղազախստան:
Հայրենի կազմը կրելով 3,5-0,5 արդիւնքով պարտութիւն մը, գրաւեց 7-րդ դիրքը:
Ախոյեան հանդիսացաւ Չինաստան` 17 կէտով, մինչ անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Թուրքիա (15 կէտ) եւ Յունաստան (13 կէտ):
Նշենք, որ 8-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն Հայաստան հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ազրպէյճանի հետ:


