Լոնտոնեան Թոթենհամին մաս կազմող ֆրանսացի բերդապահ Հիւկօ Լիորիս շատ հաւանաբար ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ իտալական Լացիօ Ռոմայի հետ, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը:
Անգլիական ակումբը, անոր հեռացման գծով ոչ մէկ արգելք կը դնէ, մանաւանդ որ ան կը փափաքի այլ ախոյեանութեան մը իր մասնակցութիւնը բերել:
Եթէ կողմերուն միջեւ համաձայնութիւն գոյանայ, 36 տարեկան ֆրանսացին պիտի ստորագրէ երկու տարուան պայմանագրութիւն մը:
2012-էն ի վեր Թոթենհամին մաս կազմող Լիորիս անոր հետ իր մասնակցութիւնը բերած է 447 մրցումի:


