Միջազգային մարզական մամուլին կողմէ հրապարակուած աշխարհի ամէնէն շատ վարձատրուող ֆութպոլիստներու տասնեակին առաջին դիրքը կը գրաւէ սէուտական արաբիական Նասըր խումբին մաս կազմող փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որուն տարեկան աշխատավարձն է 200 միլիոն եւրօ:
Երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Քարիմ Պենզեմա (Իթթիհատ), մինչ երրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Նէյմար (Հիլալ). անոնց տարեկան եկամուտն է 100-ական միլիոն եւրօ:
Նշենք, որ առաջին տասնեակին մաս կազմող ութ ֆութպոլիստները ելոյթ կ՛ունենան Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մէջ:


