Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի հրապարակած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին նորեկ ֆրանսացի միջնապահ Ուսման Տեմպելէ իր կազմին հետ իր մրցումները պիտի կատարէ թիւ 10 մարզաշապիկով:
Ինչպէս ծանօթ է, ան վերջերս միացաւ մայրաքաղաքի կազմին` հեռանալէ ետք իր ակումբէն` Պարսելոնայէն:
Նշենք, որ Սեն Ժերմենի հետ թիւ 10 մարզաշապիկով դաշտ կը ներկայանար պրազիլցի Նէյմար, որ միացաւ Հիլալին (Սէուտական Արաբիա):


