Քաթալոնական Պարսելոնային մաս կազմող ուրուկուէյցի յետսապահ Ռոնալտ Արաուխօ, որ վիրաւորեց իր ազդրը, 4-6 շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, այս մասին յայտնեց քաթալոնական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
24 տարեկան ֆութպոլիստը նախորդ տարեշրջանին Չաւիի գլխաւորած կազմին հիմնական մարզիկներէն մէկն ըլլալով իր մասնակցութիւնը բերաւ 31 մրցումի:
«Թրանսֆերմարքթ» անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատէ 70 միլիոն եւրոյով:


