Արաբական ֆութպոլի ֆետերասիոններու միութիւնը կը փափաքի, որ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ն Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի ակումբներուն յատուկ հրաւէր մը ղրկէ, որպէսզի անոնք իրենց մասնակցութիւնը բերեն «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին:
Նշուեցաւ, որ այս մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերելով, Սէուտական Արաբիա կը փափաքի բարձրացնել երկրին յառաջատար ակումբներուն` Նասըրի, Հիլալի, Իթթիհատի եւ Ահլիի միջազգային մակարդակը:


