Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի 17 տարեկանէն վար աղջկանց ազգային հաւաքականը մարզական հաւաքի մը սկսաւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ:
Այս մարզական հաւաքը իր աւարտին պիտի հասնի այս շաբաթավերջին:
Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Մարիամ Ստեփանեան այս հաւաքին ընդմէջէն պիտի կազմէ իր խումբը` յառաջիկային տեղի ունենալիք մրցաշարքերուն գծով:


