Պուտափեշտի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի աթլեթիզմի ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Երուանդ Մկրտչեան թէեւ չյաջողեցաւ մետալի մը տիրանալ, սակայն ան 1500 մեթրի վազքի մրցումներուն հայկական նոր մրցանիշ մը հաստատեց` արձանագրելով 3’39”35 արդիւնք մը:
Ան գրաւելով 11-րդ դիրքը չյաջողեցաւ յաղթահարել աւարտականի իր տոմսը:
Նշենք, որ Երուանդ Մկրտչեան յուլիսին անկախ Հայաստանի աթլեթիզմի առաջին մետալին տիրացած էր համաշխարհային ուսանողական խաղերուն, երբ 1500 մեթրի վազքի մրցումներուն արձանագրելով 3’40”68 արդիւնք մը` հայկական գետնի վրայ մրցանիշ մը հաստատած էր:


