Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ աշխարհի ուսանողական ախոյեանութեան կռփամարտի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի երկու ներկայացուցիչները` Հայկ Ալաբերքեան (51 քկ) եւ Ռուսլան Ասլիկեան (57 քկ) ապահովեցին աւարտականի իրենց տոմսերը:
Ալաբերքեան, նախքան աւարտականի իր տոմսը ապահովելը, կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Ասիոյ ախոյեանին դէմ:
Նշուեցաւ, որ աւարտականին իր տոմսը պիտի փորձէ ապահովել նաեւ Համլեթ Յարութիւնեան (80 քկ):


