Անգլիոյ ֆութպոլի աղջկանց ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ Սարինա Վակման շատ հաւանաբար նշանակուի Նետերլանտներու ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ` փոխարինելով Ռոնալտ Քումանը:
Եթէ պատահի, որ 53 տարեկան Վակման յաջորդէ Քումանի, պիտի կերտէ միջազգային պատմական իրագործում մը, որովհետեւ պիտի ըլլայ առաջին կին մարզիչը, որ կը գլխաւորէ տղոց ֆութպոլի ազգային խումբ մը:
Քուման նախորդ յունուարին վերադարձած էր Նետերլանտներու ազգային խումբ, նախապէս նոյն այս պաշտօնը ստանձնելով 2018-2020 ժամանակամիջոցին:
Վակման, որ 2022-ին նշանակուեցաւ Անգլիոյ մարզիչ, անոր հետ նոյն տարին դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Ան նաեւ Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած էր Նետերլանտներու աղջկանց ֆութպոլի ազգային խումբին հետ: