Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը 2027-ի պասքեթպոլի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի իր մրցումները պիտի կատարէ Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ:
Գ. խմբակին մէջ Հայաստանի մրցակիցները պիտի ըլլան Աւստրիա եւ Ալպանիա:
25 փետրուար 2024-ին Հայաստան պիտի հիւրընկալէ Ալպանիան, իսկ 24 նոյեմբերին` Աւստրիան:


